2012-02-25 11:39:29

՜՜Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ճանաչումէն Հատուցում՝՝ Միջազգային Խորհրդաժողով Անթիլիասի Մէջ։


Աշխատանքներուն ' Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Ու Հատուցումը Լուսարձակի Տակ Առնուեցան Տարբեր Պրիսմակներով Եւ Միջազգային Մօտեցումներով։
Կազմակերպութեամբ' Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին հինգշաբթի, 23 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէն հատուցում» միջազգային խորհրդաժողովին:
Ներկայութեամբ հայ թէ օտար իրաւագէտներու, քաղաքագէտներու, ակադեմականներու, ցեղասպանագէտներու եւ ազգային այլազան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալ հիւրերու, «Ճանաչումէն հատուցում» նիւթով այս համագումարին բացումը կատարեց միջազգային օրէնքի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Անգլերէնով արտասանած իր բացման խօսքին մէջ, դոկտ. Պայրագտարեան ներկայացուց եռօրեայ այս համագումարին նիստերուն արծարծելիք գլխաւոր նիւթերը: «100 տարիէ ի վեր արդարութիւնը տակաւին չէ իրագործուած. այս խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան էութիւնը` դատական, իրաւական ու մարդկային իրաւունքներու մօտեցումով», յայտնեց Ան ընդգծելով, որ խորհրդաժողովի քննարկումներուն եզրայանգումները պիտի բանաձեւեն Հայոց ցեղասպանութեան արդար պահանջատիրութեան «ճամբու քարտէսը» (roadmap):
Պայրագտարեան, ապա հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը` իր պատգամը փոխանցելու:
Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կերպով բանաձեւեց «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը` մէջբերումներ կատարելով 1948-ին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յայտարարութենէն, պարզելով ցեղասպանութեան համապատասխան հիմնաւորումները:
«Տասնամեակներէ ի վեր մենք կեդրոնացած էինք Թուրքիոյ եւ միջազգային ընկերութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ: Խորքին մէջ, վերջերս ընթացք առած ամերիկեան, թրքական թէ ֆրանսական ապահովագրական դատական հայցերը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ծերակոյտին որոշումը` Թուրքիան մղելու վերադարձնելու հայոց եկեղեցապատկան կալուածները եւ այս գծով 27 օգոստոս 2011-ին թրքական կառավարութեան որոշումը` 1936-էն ի վեր բռնագրաւուած եկեղեցապատկան կալուածները փոքրամասնութեանց վերադարձնելու որոշումը, այս բոլորը եկան վերահաստատելու հատուցման խիստ էական կարեւորութիւնը», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս` ընդգծելով, որ Թուրքիա պէտք է թուրք-օսմանեան իշխանութեանց կողմէ բռնագրաւեալ եկեղեցապատկան կալուածներն ու համայնքային սեփականութիւնները վերադարձնէ իր իրաւական սեփականատիրոջ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Նախկին Եուկոսլաւիոյ համար կազմուած Միջազգային դատական ատեանի դատաւոր Ֆաուսթօ Փոքարի եւ Միջազգային դատական ատեանի դատաւոր Ճօ Վերհովըն
Աւարտին, ներկաները նախքան հիւրասիրութիւնը ուղղուեցան մայրավանքի Նահատակաց մատուռը, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:
Համագումարի երկրորդ օրը ելոյթ ունեցան փրոֆ. Ֆեռնանտօ Թեսըն, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան նման ոճիրներու պարագային ներում հայցելու անհրաժեշտութեան ու անոր ունեցած տարբեր տեսակի ազդեցութիւններուն::
Մարդու իրաւունքներու պրիսմակէն դիտուած ճանաչումի անհրաժեշտութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան ու հաւաքական յիշողութեան վերականգնման մասին խօսեցաւ փրոֆ. Ռիչըրտ Ուիլսըն։ Առաջին նիստի երրորդ զեկուցաբերն եղաւ Ով Պրինկ, որ յիշատակեց 1915-էն ետք մարդկային պատմութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ուղղակի կամ անուղղակի ճանաչման հիմնական թուականներն ու դրսեւորումները, որոնք անպայման պետական մակարդակի վրայ չեն ըլլար:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Մարք Ֆինտլէյ, որ խօսեցաւ ցեղասպանութեան ոճրայնութեան եւ անոր իրաւական կարգավիճակին մասին:
Փրոֆ. Քարսթեն Սթահն խօսեցաւ միջազգային ոճրային ատեանին եւ ցեղասպանութեան մասին` մատնանշելով հեռանկարներն ու սահմանափակումները:
Ֆրետերիք Մեկրեթ, անդրադարձաւ Եւրոպական մարդու իրաւունքներու դատարանին եւ Հայոց ցեղասպանութեան: Հողային հատուցման գծով ան դիտել տուաւ, որ նոյնիսկ եթէ Թուրքիա միայն եկեղեցիներու մասին խօսի, պարզ կը դառնայ, որ ան կ՛ընդունի տեղի ունեցած իւրացումները:
Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին ուղղուեցան հարցումներ, տեղի ունեցան քննարկումներ, որոնց մէջ յատկանշական էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին այն հաստատումը, որ խորհրդաժողովին ընթացքին հնչած զեկուցումներուն մէջ անգամ մը եւս յստակ կը դառնայ, թէ Ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի, վկայ` աշխարհով մէկ տարածուած սփիւռքը:
Ճաշի դադարէն ետք համագումարը վերսկսաւ իր աշխատանքներու երրորդ նիստին` նախագահութեամբ Ժընեւի համալսարանի Բարձրագոյն ուսմանց հիմնարկի դասախօս, փրոֆեսէօր Վերա Կոլանտ – Տեպպասի: Այս նիստի գլխաւոր նիւթն էր` «Պետութեան պատասխանատուութիւնը` ըստ միջազգային օրէնքի»: Այս ծիրին մէջ խօսք առաւ Բրիտանիոյ Ուեսթմինիսթր համալսարանի միջազգային ընդհանուր օրէնքի դասախօս փրոֆ. Մարքօ Ռոսինի, որ կեդրոնացաւ նշեալ նիւթին, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութենէն ծագող հարցերուն վրայ:
Սահիկներու ցուցադրութեամբ փրոֆ. Ռոսինի հիմնաւորեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց` պատմական ետդարձ մը կատարելով մինչեւ 1878-ի Պերլինի վեհաժողովը, 1894-1896-ի Համիտեան կոտորածները, յանգելով մինչեւ 1915-ի Մեծ եղեռնը: Իր նշեալ վերագրումներով փրոֆ. Ռոսինի հաստատեց, որ թրքական իշխանութիւնները (օսմանեան թէ այլ վարչակարգի տակ) պատասխանատու են պատահած դէպքերուն:
Յաջորդ զեկուցաբերն էր Քանատայի Օթաուայի համալսարանի միջազգային ընդհանուր օրէնքի դասախօս Փաթրիք Տամպըրի, որ անդրադարձաւ նիստի գլխաւոր նիւթին` Թուրքիոյ պատասխանատուութեան դիտանկիւնէն, ճշգրտօրէն` հետեւեալ բանաձեւումով. «Իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ` Թուրքիոյ վերագրուած հետեւանքները` միջազգային ապօրինի արարքներու միջազգային պատասխանատուութեան ծիրին մէջ»: Նիստի երրորդ բանախօսն էր Բրիտանիոյ Կլասկօ համալսարանի միջազգային ընդհանուր օրէնքի դասախօս Քրիսթիան Ճէյ. Թամզ, որ խօսեցաւ «Պատասխանատուութեան կիրարկման առնչուող հարցեր» նիւթին մասին: Այս նիստին եզրափակիչ բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Խօսեցանք պատասխանատուութեան եւ կիրարկման մասին, որոնք հիմնական հարցեր են: Սակայն Հայոց ցեղասպանութեան գծով հիմնականը Թուրքիոյ կեցուածքն է, որ կը մերժէ ընդունիլ ու ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, թէեւ կը նշէ, թէ 1915-ին պատերազմի հետեւանքով հայեր սպաննուած են»:
Աւարտին, դասախօսները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:
Սուրճի դադարէն ետք գումարուեցաւ երէկուան չորրորդ եւ վերջին նիստը` նախագահութեամբ Հռոմի Լա Սափիենզա համալսարանի եւրոպական ու միջազգային օրէնքի դասախօս փրոֆ. Էնզօ Քանինզարոյի: Այս նիստին ընդհանուր նիւթն էր «Հատուցումի իրաւունքը»:
Առաջին բանախօսն էր, Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ համալսարանի միջազգային ընդհանուր օրէնքի դասախօս փրոֆ. Ռէյնար Հոֆման, որ դարձեալ սահիկներու օժանդակութեամբ պարզեց միջազգային ոճրարարքներու անհատական հատուցման պատճառներն ու պայմանները:
Անոր յաջորդեց Հոլանտայի Կրոնինկեն համալսարանի միջազգային ընդհանուր օրէնքի դասախօս փրոֆ. Մարսել Պրուս, որ անդրադարձաւ դատական օտար ատեաններէն միջազգային ոճրարարքներու հատուցման օրինական քայլերու հոլովոյթին: Ան յատուկ օրինակներ ներկայացուց Ինտոնեզիոյ մէջ պատահած ոճրարարքներուն վերաբերեալ:
Իսկ վերջին զեկուցաբերը` Բրիտանիոյ Տուրհամ համալսարանի միջազգային քրէական բաղդատական օրէնքի դասախօս Մայքըլ Պոհլանտըր անդրադարձաւ «Հատուցման գծով միջազգային դատական ատեաններու մօտեցման»: Յարակից պարագաներու անդրադառնալէ ետք փրոֆ. Պոհլանտըր ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ շուրջ 100 տարուան իրողութիւն է, խիստ ծանր հարց է:








All the contents on this site are copyrighted ©.